2014-04-28 15:06:10

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատկերասփռուած պատգամը`Պուէնոս Այրէսի երիտասարդներուն։


Շաբաթ, 26 ապրիլին, ժամը 13-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, Արժանթինի մայրաքաղաք` Պուէնոս Այրէսի մէջ գտնուող Փալէրմօ կոչուած շրջանին մէջ, նշուեցաւ Պուէնոս Այրէսի Աւագ Թեմի երիտասարդներու նահանագային օրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր երիտասարդներ։
Թեմին երիտասարդներու հովութեան գրաեսնեակի պատասխանատու` գերապայծառ Օսքար Օժէայ, յայտնեց թէ վերոյիշեալ հանդիպումը կազմակերպուած է` վերակենդանացնելու նպատակով ''անհրաժետ ուժերը'' ու դառնալու ''հաւատքի բեռնակիրներ''։
Զատկական տօնի ուրախութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը կը նախատեսէր խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումը եւ հասարակական աղօթքի պահեր գոհաբանութիւն մատուցելու առ Աստուած Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապտերու սրբադասման առթիւ։ Հաւաքի ընթացքին պատկերասփռուեցաւ նաեւ ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետին այս առթիւ ուղղած պատգամը որուն մէջ Սրբազան Հայրը երիտասարդներուն յայտնեց թէ կը փափաքի ըլլալ անոնց մօտիկ ու անոնց ընկերանալ Երիտասարդութեան Զատկուայ այս տօնակատարութեան ընթացքին։
Երբ կը մտածէի թէ ի՞նչ պատգամ կրնայի փոխանցել ձեզի – ըսաւ Քահանայապետը – միտքս եկան Աւետարանի երիտասարդները` Երիտասարդ առաքեալները որ հրապուրուած մնացին Յիսուսի կենցաղէն ինչպէս Յովհաննէսը։ Սակայն, անոնցմէ ոմանք Յիսուսը դաւաճանեցին, ինչպէս Յուդան, ուրիշները ուրացան, ինչպէս Պետրոսը եւ ուրիշներ վախցան ու փախչեցան։ Այլ երիտասարդ մը` հարուստ երիտասարդն է որ Յիսուսին հարց կու տայ թէ ''Ի՞նչ ընելու է երկինքի արքայութիւնը շահելու համար'' ու երբ Յիսուս անոր կ՛ըսէ թէ ''պատուիրանները պահելէ անդին պէտք է ամէն ինչքերը ծախէ, աղքատներուն բաժնէ ու հետեւի Իրեն'', երիտասարդը տխուր կը հեռանայ։ Իսկ ուրիշ երիտասարդ մը` անառակ որդին է որ իր հօրմէ կը խնդրէ ինչքերը բաժնել ու կը հեռանայ հօր տունէն սակայն, երբ այլեւս յուսայատ ետ կը վերադառնայ, Հայրը զինք գրկբաց կ՛ընդունի, որովհետեւ Աստուած Բարի է - ըսաւ Քահանայապետը ու մեր ձախորդութիւնները չ՛օգտագործեր մեր դէմ, այլ կը խօսի մեր սրտին։ Ան ապա ակնարկեց մեռած երիտասարդին, որուն այրի մօր վրան գթալով, Յիսուս անոր յարութիւնը կը պարգեւէ։
Դուն ո՞վ ես – հարց տուաւ դարձեալ Քահանայապետը – Այս երիտասարդներէն ո՞րմէկը կը ներկայացնես։ Խանդավառ առաքեալները։ Հարուստ երիտասարդը. Անառակ որդին եւ կամ մեռածը։ Ըսէ ինծի դուն ո՞վ ես ու այս հարցումին պատասխանը տուր նաեւ քեզի – շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ Ան ապա իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ նաեւ ''իգական սէրի'' պատկանող աւետարանի երիտասարդուհիներուն, կիները որ կը հետեւէին Յիսուսին։ Կինը, ըսաւ Քահանայապետը – իր մէջ ունի ''կեանք պարգեւելու'' մեծ գանձը, պարգեւելու` քնքշութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն։ Կիներու համար կայ միայն մէկ տիպար` Մարիամը` հաւատարմութեան կինը։ Ան, որ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին, Եղիսաբեթի օգնութեան հասաւ, ապրեցաւ գաղթականութեան փորձառութիւնը իր զաւկին կեանքը փրկելու համար։ Ան որ իր զաւակին հետեւեցաւ ու զայն խրատեց ու անոր հետ ընթացաւ մինչեւ Խաչ։ Դուք – ըսաւ Սրբազան Հայրը – Եկեղեցւոյ կիներն էք'' որովհետեւ Եկեղեցին ''իգական է'', Մարիամի նման։
Իր երկարաշունչ պատգամը եզրափակելով Ֆրանչիսկոս Պապը հայցեց որ ներկաներէն ամէն մէկը կարողանայ հանդիպիլ Յիսուսին, Յարուցեալ Յիսուսին։ Ու Ձեզի կ՛ըսեմ ''մի վախենաք, ընթացէք յառաջ''։ Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։ Աղօթեցէք ինծի համար։ Թող Յիսուս օրհնէ ձեզ ու Տիրամայրը ըլլայ ձեզի ապաւէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.